Վիրահատութիւնները կատարուած են, անոնք բարեյաջող ընթացած են՝ վիրաւորներու վիճակը ծանր է, բայց անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար՝ առողջական վիճակի վատթարացում չէ նկատուած: Այս մասին յայտնեց Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեկլարյանը՝ անդրադառնալով երէկ գիշեր ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական յենակէտի ուղղութեամբ կրակ բանալու հետեւանքով վիրաւորում ստացած զինուորներու առողջական վիճակին:
Պաշտպանութեան բանակը յայտնած էր է, որ 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրակ բացած էին, որու հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է վեց զինուոր: Միջադէպին մասին անյապաղ տեղեկացուած է Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:
«Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հրադադարի պահպանման եւ կոչ կ'ընէ ատրպէյճանական կողմին նոյնպէս ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը ապակայունացնող գործողութիւններէ», յայտնած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակը:
Սահմանային գօտիին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերէն ետք մարտավարական իրադրութիւնը այս պահուն հանգիստ է, եւ հայկական կողմը դիրքային ու տարածքային կորուստներ չունի: