image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու նոր հրամանատար նշանակուած է

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու նոր հրամանատար նշանակուած է

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու նոր հրամանատար զօրավար Անտրէյ Վոլքովը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է իրավիճակը ղարաբաղեան տնտեսական գօտիին մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները»։

Զօրավար Վոլքով Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար Ռուստամ Մուրատովի տեղակալն էր 2020-ի Նոյեմբերէն մինչեւ 2021-ի Մայիսը։ 

Անտրէյ Վոլքովը Ռուսաստանի պետական բարձր պարգեւի արժանացած է Սուրիոյ մէջ իրականացուցած զինուորական ծառայութեան համար, ծառայած է նաեւ Աֆղանստանի ու Չեչենիոյ մէջ։

Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարի պաշտօնին Վոլքով կը փոխարինէ Կենատի Անաշքինին, որ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար նշանակուած էր անցեալ տարուայ աշնան։