image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ. «Կարմիր խաչ»ը տակաւին «մարդ կը փնտռէ» (Լուսանկարներ)

Արցախի մէջ. «Կարմիր խաչ»ը տակաւին «մարդ կը փնտռէ» (Լուսանկարներ)

19 սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններու սրացումէն յետոյ անցած է մէկ ամիս․ մենք կը շարունակենք աշխատիլ տարածաշրջանին մէջ եւ արձագանգել առաջացած բազմաթիւ կարիքներու։

Այս մասին յայտնած են Կարմիր Խաչի միազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակէն:

Մեր աշխատակիցները դեռ կը շրջին քաղաքի կեդրոնական վայրերը եւ լեռնային գիւղերը՝ փնտռելով կեանքի նշաններ եւ բոլոր այն մարդիկ, որոնք օգնութեան կարիք ունին: Քիչ թիւով մարդիկ կը շարունակեն մնալ իրենց տուները․ մէկ մասը իրենց ընտրութեամբ, միւս մասը՝ ինքնուրոյն հեռանալ չկարողանալու պատճառով:

Մենք կը տրամադրենք անոնց սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն, նաեւ կ'օգնենք կապ հաստատելու հարազատներու հետ կամ հնարաւորութիւն ստեղծելու Հայաստան տեղափոփուելու համար: