image

Արցախի մէջ կառավարումը պիտի անցնի կիսանախագահականի

Արցախի մէջ կառավարումը պիտի անցնի կիսանախագահականի

Ապրիլ 26-ին հրաւիրուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստ, որուն ներկայ էր Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը: Օրակարգի առաջին հարցը Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի կողմէ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի քննարկման հարցն էր, որ ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Ժ. Միրզոյեանը:

Արցախի Ազգային Ժողովէն յայտնած են, որ նախագիծով կ'առաջարկուի վերափոխել կառավարման համակարգը՝ կառավարման նախագահական համակարգէն անցում կատարելով կառավարման կիսանախագահական համակարգին՝ հաշուի առնելով Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման հրամայականը, ինչպէս նաեւ ռազմական կամ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ, արտակարգ իրավիճակներու մէջ պետական կառավարման համակարգի ճկունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Նախագիծով կ'առաջարկուի կանոնակարգել բացառիկ պարագաներուն Հանրապետութեան Նախագահի անուղղակի ընտրութիւններու հետ կապուած յարաբերութիւնները: Կ'առաջարկուի նաեւ ռազմական դրութեան ժամանակ Ազգային ժողովին վերապահել Հանրապետութեան Նախագահ ընտրելու իրաւունք՝ սահմանելով այդ լիազօրութիւններու իրականացման կարգը:

4 կողմ ձայնով նախագիծն արժանացած է յանձնաժողովի հաւանութեան: Այն առաջին ընթերցմամբ  պիտի ներկայացուի  Ազգային Ժողովի հերթական նիստին: