22 ապրիլին ժամը 11:38-ին, Ստեփանակերտ քաղաքի 15-ամեայ բնակիչը ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնին հեռախօսով հաղորդած է, որ բացօթեայ հանգստանալու նպատակով 5 ընկերներով դուրս ելած են Ստեփանակերտ քաղաքէն, Դաշուշէն տանող արահետային ճանապարհէն անցած են անտառային գօտի եւ կորսնցուցած տեղանքը եւ մոլորուած:
Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան ՆԳՆ–էն։
Անչափահաս պատանիներուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ որոնողական աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով, ժամը 11:40-ին կանչի վայր մեկնած են արագ արձագանգման յատուկ ստորաբաժանման հերթապահ խումբը եւ ոստիկանութեան Ստեփանակերտ քաղաքի վարչութեան ծառայողները:
Համատեղ ձեռնարկուած որոնողական փրկարարական միջոցառումներու շնորհիւ պատանիները յայտնաբերուած են եւ ԱԻ պետական ծառայութեան մեքենայով տեղափոխուած Ստեփանակերտ: Անոնց կեանքին ու առողջութեան վտանգ չի սպառնար։