image

Արցախի մէջ. 2 զինուորներու վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր

Արցախի մէջ. 2 զինուորներու  վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան երէկ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի վերջին գործողութիւններուն հետեւանքով վիրաւորուած է 14 անձ, երկուքին վիճակը ծայրայեղ ծանր է:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը այսօր տեղեկութիւններ կը յայտնէ 15 վիրաւորում ստացած անձի մասին․ «Մարտի 25-ի ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով վիրաւորում ստացած ՊԲ զինծառայողներից երկուսի վիճակը շարունակում է ծայրայեղ ծանր մնալ, մէկ զինծառայողի վիճակը միջին ծանրութեան է, եւս տասներկուսինը` բաւարար»: