image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի կառավարութիւնը կարեւոր նեցուկ կը ցուցաբերէ հացահատիկի մթերման առընթեր

Արցախի կառավարութիւնը կարեւոր նեցուկ կը ցուցաբերէ հացահատիկի մթերման առընթեր

Արցախի կառավարութիւնը, հաշուի առնելով շրջափակման պայմաններու մէջ պարէնային անվտանգութեան ապահովման առաջնահերթութիւնը, սահմանած է ցորենի՝ Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի մօտ մթերման դիմաց շարք մը աջակցութեան ձեւեր։ Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը։

«Կառավարութիւնն ամբողջութեամբ կը հոգայ ցորենի՝ դաշտից գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի (ԳԳԱՀ) պահեստներ տեղափոխման ծախսերը:

Կը սուբսիդավորուի կոմբայնի վարձավճարը՝ 1 հա դիմաց 13.500 դրամի չափով:

Մթերուած ցորենի դիմաց գումարը կը փոխանցուի շահառուին 5 աշխատանքային օրերի ընթացքում:

Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամը ցորենի մթերումն իրականացնում է՝ մէկ կիլոգրամի արժէքը հիմնադրամի հանդէպ ունեցած պարտաւորութեան հաշուանցման դիմաց 230 դրամով, գումարի դիմաց՝ 195 դրամով:

Մթերուող ցորենի առաւելագոյն խոնաւութիւնը պէտք է լինի 13 տոկոս, իսկ առաւելագոյն աղտոտուածութիւնը՝ 3 տոկոս»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: