Այսօր մենք հաւաքուած ենք ոչ թէ յիշատակելու, այլ յիշեցնելու, որ Արցախի հարցը փակուած չէ, եւ այն իր բոլոր դրսեւորումներով ու ծաւալներով կը կազմէ հայկական օրակարգի առանցքը, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ Արցախի Հանրապետութեան օրուան նուիրուած հաւաքի ընթացքին յայտարարեց Բագրատ Սրբազանը:
«Ինձ համար ընդունելի է Արցախը՝ թէ՛ որպէս անկախ հանրապետութիւն, թէ՛ վերամիաւորուած մայր Հայաստանին»,-աւելցուց ան:
«Այսօր մեզ համար առանցքային եւ կարեւոր է երկու հարց՝ մայր Հայստանում արցախցի մեր քոյրերի եւ եղբայրների լիարժէք խնամքը եւ զուգահեռ Արցախ վերադարձի հարցը»,-ըսաւ ան:
«Սա դատապարտութեան խարան է ձեր ճակատին։ Երէկ դարձեալ բարբաջել է, չէի ուզենա անդրադառնալ, սակայն չեմ կարող: Խօսում է Արցախի լուծարման մասին, նախ ոչ ոք չի կարող լուծարել պետութիւնը եւ ակնյայտ է, որ Արցախի լուծարման մասին այնքան չի խօսում Հէյտարի որդի Ալիեւը, ինչքան այս նեռը, որի հենց առաջին պատասխանատուն ինքն է»,- ըսաւ ան:
Բագրատ Սրբազանը յայտարարեց, որ Արցախի եւ Արցախի հակամարտութեան էջը փակուած չէ եւ չի կրնար ըլլալ, ՀՀ պէտք է հետամուտ ըլլայ Արցախի հարցը բանակցութիւններու օրակարգին վրայ ներառելու, արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին հետամուտ ըլլալու:
«Մենք կոչուած ենք սխրանքի ու հերոսութեան, մենք կոչուած ենք գնալու մեր իղձերի ու երազանքների հետեւից՝ որեւէ վայրկեան չտատամսելով մեր կեանքի համար, որովհետեւ այդ կեանքն արդէն գնուած է մեր եղբայրների ու քոյրերի կողմից։ Ինձ համար գոյութիւն ունի մէկ կեանք, հայրենիք կամ մահ»,-ըսաւ ան աւելցնելով, որ շարժման յաղթանակը պիտի չուշանայ։