image
Հրատապ լուրեր:

Արցախ կողմ է Մինսքեան խումբին հետ աշխատելուն

Արցախ կողմ է Մինսքեան խումբին հետ աշխատելուն

Չնայած հակամարտող կողմերու ղարաբաղեան հիմնախնդրի հանդէպ հակառակ դիրքորոշումներուն, Արցախը հակուած է բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ շարունակելուն: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` այս մասին «Արցախեան հիմնախնդիրը արդի քաղաքական գործընթացների հոլովոյթում» խորագրով գիտագործնական համաժողովին իր ելոյթով ըսած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ՝ Արթուր Թովմասեան:

Ան ողջունած է համաժողովի մասնակիցները` խորապէս կարեւորելով «Արցախեան հիմնախնդիրը արդի քաղաքական գործընթացների հոլովոյթում» խորագրով գիտագործնական համաժողովի նախաձեռնումն ու կազմակերպումը:

«Մեր օրերում, երբ վտանգուած է Արցախի պետականութիւնը, հակամարտութեան վերջնական լուծման կողքին դրւում է նաեւ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման հեռանկարը: Մեր այս դիրքորոշումը պէտք է ընկալելի լինի նաեւ Հարաւային Կովկասում իրենց տարածաշրջանային շահերը հետապնդող երկրների համար: Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է յարգել արցախահայութեան պահանջը, քանզի այն համապատասխանում է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներին եւ նորմերին»,- ըսած է ԱԺ նախագահն իր ելոյթին մէջ:

Անոր խօսքով` հակամարտութեան կարգաւորումը, տարածաշրջանին մէջ տեւական եւ կայուն խաղաղութիւնն անհնար է առանց Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած եւ փաստացի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան, անոր կարգին՝ բոլոր հնարաւոր միջոցներով մշտադիտարկման կազմակերպման՝ կանխելու համար հայերու ցեղային զտման նպատակով իրականացուցած գործողութիւնները:

«Ատրպէյճանը ցայսօր, խախտելով 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, Արցախի նկատմամբ պարբերաբար յարձակողական գործողութիւններ է ձեռնարկում, որոնք որակւում են ինչպէս հայատեացութեան դրսեւորում, այնպէս էլ տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան խախտման եւ յատկապէս՝ խաղաղապահ առաքելութեան չէզոքացման նենգ դրսեւորում: Մենք շարունակելու ենք մեր ջանքերը՝ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան համար մղուած Արցախեան ազատամարտի արդիւնքների պաշտպանութեան, խնդրի խաղաղ եւ արդարացի լուծմանը հասնելու ուղղութեամբ»,- ըսած է Թովմասեանը, աւելցնելով, որ արցախահայութիւնը  կանգնած է անցեալէն դասեր առնելու, ընդօրինակելու, կատարուածը հանրագումարի բերելու հրամայականի առջեւ: Ներկայ դրութեամբ առաջնահերթ խնդիրը երկրի յուսալի անվտանգութեան ապահովումն է:

«Կարեւորում ենք յատկապէս ՌԴ կողմից այս հարցի նկատմամբ ընդգծուած վերաբերմունքն ու իրականացուած գործնական քայլերը: Աշխարհաքաղաքական բարդ ու անկանխատեսելի իրավիճակին եւ արտաքին մարտահրաւէրներին դիմակայելու համար առաջնային ու կարեւոր գործօն պէտք է հանդիսանան համաժողովրդական համախմբուածութիւնն ու համերաշխութիւնը»,- ընդգծած է Արթուր Թովմասեան: