Aravot.am-ի տեղեկութիւններով՝ Սեւանի ափին «Կապավոր» ՍՊ ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արման Յակոբջանեանի կողմէ կառուցուող շքեղ առանձնատան կողքին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի շքեղ առանձնատունը կը կառուցուի:
Յիշեցնենք, որ Արման Յակոբջանեանը Արցախի քաղաքաշինութեան նախկին նախարարի որդին է:
Արայիկ Յարութիւնեանի կառուցուող առանձնատան վերաբերեալ «Առաւօտ»ը փորձած է մեկնաբանութիւն ստանալ անոր խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեանէն, սակայն, ան չէ պատասխանած զանգերուն ու գրաւոր հարցման:
Ինչ կը վերաբերի «Կապավոր» ՍՊ ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահի կառուցուող առանձնատան, ընկերութեան խօսնակ Նարեկ Սահակեանը չէ մեկնաբանած:
Առանձնատուները կը կառուցուին Շորժա համայնքի Դրախտիկ գիւղի վարչական տարածքին մէջ՝ «Սեւան» ազգային փարքին պատկանող հողատարածքի վրայ: