Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Մտահոգիչ են վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեան, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման գծով։ Նման երեւոյթներ կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ՝ մասնաւորաբար Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան։ Անհրաժեշտ է, որ յստակ ու ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցուին հանրութեան։