Ապատեղեկատւութիւն է, հայկական կողմը չէ կրակած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ

Ապատեղեկատւութիւն է, հայկական կողմը չէ կրակած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած ապատեղեկատւութիւնը, իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն մասնաւորապէս յայտնած են. « Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շարունակում է ապատեղեկատւութիւն տարածել՝ յայտարարելով, թէ ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումները նախորդ մի քանի օրերին գնդակոծել են հայ-ատրպէյճանական սահմանի մի քանի ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը»:

Գերատեսչութենէն վստահեցուցած են, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: