«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ անհանգստանալ, որ Լաչինի միջանցքը արգելափակուած է աւելի քան երեք շաբաթ՝ ստեղծելով ծանր մարդասիրական իրավիճակ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին՝ այս ընթացքին կարեւոր օգնութիւն ցուցաբերելու համար, սակայն կոչ կ'ընենք Ատրպէյճանին եւ Ռուսիոյ անյապաղ վերականգնելու միջանցքի հասանելիութիւնը»,- Թուիթըրի իր էջին գրած է ԵԱՀԿ-ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Մայքլ Քարփընթըր։