image

Անյապաղ լքել Ռուսիան. Պլինքընէն կոչ ամերիկացիներուն

Անյապաղ  լքել  Ռուսիան. Պլինքընէն կոչ  ամերիկացիներուն

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն լրագրող Էվան Կերշքովիչի ձերբակալութենէն ետք Ռուսիա բնակվող ամերիկացիներուն կոչ ըրած է լքելու երկիրը։

«Մենք խորապէս անհանգստացած ենք Ռուսիոյ կողմէ ամերիկացի լրագրող, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիի կալանաւորման լայն հրապարակումներով։ Այս իրավիճակի շուրջ մենք կապի մէջ ենք The Wall Street Journal-ի հետ: Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները, որոնք կը գտնուին Ռուսիա, պէտք է անյապաղ հեռանան»,-ըսուած է Պետական քարտուղարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։

Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քարին Ժան Փիէրն իր հերթին ըսած է, որ Պետական քարտուղարութիւնը անմիջական կապի մէջ է Ռուսիոյ կառավարութեան հետ եւ աշխոյժօրէն կ'աշխատի Կերշքովիչի հիւպատոսական մուտքն ապահովելու ուղղութեամբ։

Նշենք,որ աւելի վաղԵքաթերինպուրկի մէջ ձերբակալուած է ամերիկեան Wall Street Journal պարբերականի թղթակից Էվան Կերշքովիչը։

Հետախուզութեան տուեալներով՝ լրագրողը «Միացեալ Նահանգներու յանձնարարութեամբ պետական գաղտնիք հանդիսացող տեղեկութիւններ կը հաւաքէր ռուսական ռազմաարդիւնաբերական համալիրի ձեռնարկութիւններէն մէկու մասին»։ 

Գերատեսչութիւնը պարզաբանած է, որ լրագրողը Եքաթերինպուրկի մէջ զբաղած է «անօրինական գործունէութեամբ», որ յաջողութեամբ «կասեցուած է»։ Յարուցուած է լրտեսութեան գործ։  

«Քոմերսանթ»-ի տեղեկութիւններով՝ լրագրողը կը նախատեսուի տեղափոխել Մոսկուա եւ կալանաւորել Լեֆորթովոյի դատարանին մէջ։ Դատարանըլրագրողը երկու ամսով կալանաւորած է։

Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով նշած է, որ Կերշքովիչը բռնած են յանցագործութեան հիմքով: 

Էվան Կերշքովիչը 6 տարի է, որ կ'ապրէ Մոսկուայի մէջ եւ հաւատարմագրուած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ։ Կերշքովիչը լրագրող է, որ կը լուսաբանէ իրադարձութիւնները Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու մէջ: Ան նախապէս աշխատած է Agence France-Presse-ի, The Moscow Times-ի եւ The New York Times-ի մէջ: Կերշքովիչի վերջին յօդուածը Wall Street Journal-ը հրապարակած է մարտ 28-ին։