image
Հրատապ լուրեր:

Առաջնորդ Սրբազանի այցը՝ Քընէթիքըթ.Մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ

Առաջնորդ Սրբազանի  այցը՝ Քընէթիքըթ.Մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ

 Օրերս Հայց. Առաքելական   եկեղեցւոյ  Արեւելեան թեմի  բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոս Դանիէլեան պատարագ մատուցած է Քընէթիքըթի Ս. Ստեփանոս եկեցեցւոյ մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Հայրենիք»ի կայքէն, ուր գրուած է.

«Կիրակի, Յուլիս 30-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոս Դանիէլեան այցելեց Նիւ Պրիթըն (Քընէթիքըթ)։ Ան մասնակցեցաւ տեղւոյն Սուրբ Ստեփանոս եկեցեցւոյ մէջ կատարուած Սուրբ Պատարագին եւ քարոզեց։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան»։