image

«Անորոշ» վիճակ Երեւանի մէջ...

«Անորոշ»  վիճակ Երեւանի մէջ...

Երեւանի կեդրոնական հատուածներուն  լարուած  իրավիճակ տիրած է: 

Այս  մասին իմացանք հայաստանեան լրասփիւռներէ, որոնք նոյնպէս կ՚իմացնեն, որ ոստիկանական ուժերու կուտակում կայ մասնաւորապէս  Երեւանի կեդրոնին։

Մինչ պաշտօնական ոչ մէկ տեղեկութիւն  հրապարակուած է,   168.am կայքը կը հաղորդէ, որ ոստիկանական ուժեր խուզարկումի կ՚ենթարկեն  քաղաքի կեդրոնէն անցնող բոլոր ինքնաշարժները։

Եղած խուզարկումներու պատճառին մասին մինչեւ այս պահը լուրեր չեն հաղորդուիր։