image

Անիին հոգին երկինք սաւառնեցաւ. Անի Նալպանտեան-Պոյաճեանի մահուան քառասունքին առիթով

Անիին հոգին երկինք սաւառնեցաւ. Անի Նալպանտեան-Պոյաճեանի մահուան քառասունքին առիթով

Անիին բազմաբեղուն եւ հարուստ ծառայական կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէին իր համեստութիւնը, ընկերասիրութիւնը, աստուածասիրութիւնը: Ան չմերժեց որեւէ ձեռնարկի մասնակցութեան առաջարկ: Ամէն անգամ, երբ տեսնուէինք, զիրար բարեւելէ ետք անպայման մեր խօսակցութիւնը կը կեդրոնանար Աստուծոյ տան ծառայութեան նախանձախնդրութեան եւ անոր արժեւորման մասին, որ օրըստօրէ սկսած է պակսիլ մեր իրականութեան մէջ:

Անիին ժպտերես դէմքը, մաքուր հոգին, ազնուութիւնը, հայրենասիրութիւնը, անկեղծութիւնը թող շնչող օրինակ դառնան ու լուսաւորեն մեր կեանքի ամէնօրեայ մութ, խորտուբորտ ու տափարակ ճանապարհները:

Սիրելի՛ Անի, տուիր անդադրում` ընտանիքիդ, շրջապատիդ, ազգիդ ու եկեղեցւոյ: Դուն` որպէս լուսատու փարոս, հսկէ մեր վրայ վերէն` երկինքէն:

Լոյս շիրիմիդ: Խունկ, աղօթք եւ սպիտակ վարդեր` երիտասարդ հողակոյտիդ:

 

 

 

«Տիրո՛ջ աղաղակեցէք ամբո՜ղջ աշխարհ:
Ուրախութեա՜մբ ծառայեցէք Տիրոջ,
ցնծութեան երգերով եկէք անոր ներկայութեան»

Սաղմոս 100: 1-2

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ս. պատարագը Աստուածաշունչ մատեանի մարմնացումն է, այլ խօսքով, Աստուծոյ խօսքին ականջալուր ըլլալու եւ Քրիստոսի կեանքին շաւիղներուն հետեւելու կոչ է քրիստոնեաներուս համար: Մեր հայրապետներուն կողմէ վերամշակուած ու գեղեցկացած պատարագը հոգեկան անդորրութիւն պարգեւելէ բացի` ծառայութեան եւ սիրոյ պատգամ է երկրաւորներուս համար: Ի զուր չէ Դաւիթ մարգարէին արտասանած գոհաբանական սաղմոսը, որ կոչ կ՛ուղղէր ուրախութեամբ ծառայելու Տիրոջ: Ծառայութեան տիպար օրինակը տուաւ Հայր Աստուած, երբ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի մարդիկ լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ տեսնեն Անոր կենդանի օրինակը` կարենալ ժառանգելու համար Անոր կողմէ խոստացուած երկնային թագաւորութիւնը:

Երկրայիններուս համար կեանքի մէջ շատ անակնկալներ կը պատահին, սակայն Աստուծոյ նախասահմանած ծրագիրը մարդկային միտքը չի կրնար ըմբռնել առհասարակ: Այս առումով,  կիրակի, 14 յունուար 2024-ին, երբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակները, եւ ի մասնաւորի` Հայաշէնի ծխայինները,  ուրախութեամբ կը տօնէին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, ս. պատարագի ընթացքին համանուն եկեղեցւոյ դպրաց դասէն Անի Նալպանտեան-Պոյաճեան, հազիւ «Տէ՛ր ողորմա՛»-ն երգած` անակնկալ, վաղաժամ կերպով, ակնթարթի մը մէջ եկեղեցւոյ վերնատան մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ ու միացաւ իր այնքան սիրելի Փրկիչին:

Անին կեանքի 47 գարուններ բոլորած էր, սակայն հարուստ ծառայական ու տիպար կեանքի մը աւանդ թողած` իր ետին: Իր անժամանակ մեկնումը խոր սուգի մատնեց` իր ընտանիքը, հարազատները, զինք մօտէն կամ հեռուէն ճանչցող բարեկամները, եկեղեցւոյ ծառայողները, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, ՀՅԴ-ի կուսակցական ընկերները:

Մարդկային միտքը չըմբռնեց անոր անակնկալ բաժանումը եւ պատրաստ չէր կորստեան դառն բաժակը ըմպելու իրողութեան: Այս սրտագին եւ յարգանքի տողերուն մէջ կ՛ուզեմ առանձնացնել իր ունեցած մարդկային արժանիքները, որոնց Անին այնքան փարած էր մինչեւ իր վերջին շունչը:

Ա.- Անիին Ընտանիքը

Անին ծնած էր Յարութիւն եւ Էսփրի Նալպանտեաններու ընտանեկան տաքուկ բոյնին մէջ: Հօրենական արմատներով տարօնցի էր (Պիթլիս քաղաքէն): Քառանդամ ընտանիքի անդրանիկ զաւակն էր: Իրեն համար ընտանիքը ամէն բանէ գերիվեր էր: Իր հօր կորստեան ցաւը հազիւ ամոքած` քանի մը ամիսներ առաջ Անիին հոգին դարձեալ խռովեցաւ, որովհետեւ կորսնցուց իր ամէնէն թանկագինն ու ողնասիւնը` մայրը: Սակայն ան շարունակեց պայքարիլ իր երկու զաւակներուն, ընտանիքին սիրոյն եւ անոնց ջամբել ազգային ու կրօնական դաստիարակութիւն:

Բ.- Անիին Ուսման Կեանքը Եւ Ասպարէզը

Ան նախնական ուսումը ստացած էր Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Շուշան վարժարանին, իսկ երկրորդական ուսումը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Համալսարանական ուսումը շարունակած է Սաժեսի (Հըքմէ) մէջ` հետեւելով առեւտրական գիտութեան ճիւղին  (պսակաւոր արուեստից), իսկ Եու.Էս.Ժի. համալսարան յաճախելով` նոյն ճիւղին մէջ մասնագիտացած է եւ վկայուած` մագիստրոսի վկայականով: Նետուած է կեանքի ասպարէզ: «Պանքմետ» դրամատան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին եւ ապա այլ մասնաճիւղերուն մէջ պաշտօնավարած է, եւ շնորհիւ իր հմտութեան ու յաճախորդներուն հետ յարգալիր վերաբերումին` պարզ պաշտօնեայի աստիճանէն հասած է մինչեւ փոխտնօրէնի պաշտօնին: Ան սիրուած, յարգուած էր թէ՛ պաշտօնէութեան եւ թէ՛ յաճախորդներուն կողմէ` իր ազնիւ վարքին համար:

Գ.- Անիին Ծառայական Կեանքը

Ներկայ նիւթականացած աշխարհին մէջ ծառայութեան մասին խօսիլը անհեթեթ կամ անկարեւոր կը թուի ոմանց համար, սակայն Անիին համար Աստուծոյ ծառայութիւնը կը նկատուէր առաջնահերթ: Ան ութ տարեկանէն սկսեալ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցիներուն մէջ կիրակնօրեայ պատարագներուն եւ տօնական օրերուն իր հրեշտակային ձայնով զԱստուած գովերգեց իր ամուսնոյն դպրապետ Խաժակ սրկ. Պոյաճեանի կողքին: Մօտաւորապէս քառասուն տարի, հոյլ մը կեանք Աստուծոյ ծառայութեան նուիրեց: Իր ծառայական կեանքի օրինակով Անիին երկու եղբայրները` Արշակը եւ Էտին, ինչպէս նաեւ անոր սիրասուն զաւակները` Յարութը եւ Անճելոն, դպրաց դասի ճամբով Աստուծոյ տաճարին իրենց անմնացորդ ծառայութիւնը մատուցեցին: Անին եկեղեցին իր երկրորդ ընտանիքն ու տունը սեպեց եւ ինքնաշխատութեամբ տիրապետեց երաժշտական նոթաներուն եւ, այս պարագային, երգակցելով ու երգեհոնով նուագակցելով մեր եկեղեցւոյ ս. պատարագներն ու արարողութիւնները պայծառացուց: Եւ ի՜նչ նախախնամութիւն, որ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան ս. պատարագի ընթացքին, երբ Անին դպրաց դասի ճամբով իր ծառայութիւնը կը մատուցէր Տիրոջ սուրբ տաճարին, Աստուած տեսաւ իր բարի ու ծառայական կեանքը եւ Անիին հոգին ընդունեց Իր երկնային սրբարաններուն մէջ:

Դ.- Անիին Միութենական Կեանքը

Անին խոր հաւատք ունէր մեր ազգը կանգուն պահող սիւներուն` ընտանիքին, դպրոցին, եկեղեցւոյ, ակումբին: Ան կեանքի մէջ արժէքաւոր նկատուող ժամանակը տրամադրեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի: Ան դարձաւ գայլիկ, արծուիկ, ապա մաս կազմեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին: 2006-ին ան մուտք գործեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը: ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբին մէջ իր անմնացորդ ծառայութիւնը մատուցեց եւ գործօն մասնակցութիւնը բերաւ կոմիտէի աշխատանքներուն եւ ազգային-միութենական ձեռնարկներուն: Ան նաեւ անդամակցած է ԼՕԽ-ին եւ քաջալերած` անոր ձեռնարկները:

Անիին բազմաբեղուն եւ հարուստ ծառայական կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէին իր համեստութիւնը, ընկերասիրութիւնը, աստուածասիրութիւնը: Ան չմերժեց որեւէ ձեռնարկի մասնակցութեան առաջարկ: Ամէն անգամ, երբ տեսնուէինք, զիրար բարեւելէ ետք անպայման մեր խօսակցութիւնը կը կեդրոնանար Աստուծոյ տան ծառայութեան նախանձախնդրութեան եւ անոր արժեւորման մասին, որ օրըստօրէ սկսած է պակսիլ մեր իրականութեան մէջ:

Անիին ժպտերես դէմքը, մաքուր հոգին, ազնուութիւնը, հայրենասիրութիւնը, անկեղծութիւնը թող շնչող օրինակ դառնան ու լուսաւորեն մեր կեանքի ամէնօրեայ մութ, խորտուբորտ ու տափարակ ճանապարհները:

Սիրելի՛ Անի, տուիր անդադրում` ընտանիքիդ, շրջապատիդ, ազգիդ ու եկեղեցւոյ: Դուն` որպէս լուսատու փարոս, հսկէ մեր վրայ վերէն` երկինքէն:

Լոյս շիրիմիդ: Խունկ, աղօթք եւ սպիտակ վարդեր` երիտասարդ հողակոյտիդ:

Կարօ Սրկ. Աղազարեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն