Անհետ կորսուած զինծառայողներու ծնողները փակած են Բաղրամեան պողոտան:
Յիշեցնենք, որ Էջմիածնի «Քիմիկներ»ու զօրամասի անհետ կորսուած զինծառայողներու ծնողները հերթական բողոքի ցոյցը ըրած են Կառավարութեան շէնքի դիմաց։ Անոնք այնուհետեւ շարժած են Բաղրամաեան 26, ուր տեւական ժամանակ կ'աշխատի Նիկոլ Փաշինեանը։
Անհետ կորսուածներու ծնողները պարբերաբար բողոքի ցոյցեր կատարած են՝ իրենց երեխաներու ճակատագրերու մասին տեղեկութիւն պահանջելով։ Որեւէ պատկան մարմին, սակայն, անոնց հարցերուն յստակ պատասխաններ չէ հնչեցուցած:
Աւելցնենք, որ անոնք օրեր առաջ բողոքի ցոյց իրականացուցած էին նաեւ ԱԱԾ շէնքի դիմաց։