image
Հրատապ լուրեր:

Անգարայի մէջ ահաբեկչութիւն.Կան զոհեր. Հայաստան դատապարտեց եղածը

Անգարայի մէջ ահաբեկչութիւն.Կան զոհեր. Հայաստան դատապարտեց եղածը

Անգարայի մէջ՝ թրքական TUSAŞ օդանաւ արտադրող ընկերութեան մէջ, պայթում տեղի ունեցած է, կան զոհեր եւ վիրաւորներ: 

Նախնական տուեալներով՝ կատարուածն ահաբեկչութիւն է, որու շրջածիրէն ներս արդէն կան ձերբակալուածներ:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան X-ի իր էջին գրառում կատարած է՝ հաստատելով տեղեկութիւնը։ 

«Յարձակման հետեւանքով, ցաւօք, զոհեր ու վիրաւորներ կան»,- գրած է նախարարը։

Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ ահաբեկչութեան զոհերու թիւը հասած է հինգի, եւս 22 մարդ վիրաւորուած է։ Այդ մասին TRT Haber հեռուստաալիքի եթերով յայտարարած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Ալի Երլիքայան։

«Մեր գնահատմամբ՝ ամենայն հաւանականութեամբ, յարձակումը կապուած է Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան գործողութիւններու հետ։ Հազիւ բացայայտենք յարձակողները, պիտի ներկայացնենք տեղեկութիւններ եւ այլ ապացոյցներ»,-ըսած է Երլիքայան։ Ան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յարձակման մասին տեղեկացուած է սկիզբէն։

Կատարուածին անդրադարձած են նաեւ «Պրիքս»-ի գագաթնաժողովին մասնակցող Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները:

Փութին-Էրտողան հանդիպման մեկնարկին Ռուսիոյ նախագահը ցաւակցած է թուրք գործընկերոջը, որուն ի պատասխան Էրտողանը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է, ապա աւելացուցած՝ 4 զոհ, 13 վիրաւոր կայ:

Նշենք, որ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն գրեթէ երկու ժամ անց Հայաստանի Հանրապետութիւնը դատապարտեց պատահարը եւ այս առթիւ ալ ՀՀ ԱԳՆ-ն հրապարակեց կարճ հաղորդագրութիւն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

«Անգարայում տեղի ունեցած յարձակումը ցոյց տուեց, որ ահաբեկչութիւնն ու անմեղ մարդկանց վնասելն արդարացում չունեն։ 

Հայաստանը դէմ է ահաբեկչութեան ցանկացած ձեւին ու բռնութեան նմանատիպ գործողութիւններին։

ՀՀ ԱԳՆ»։

Կը նշուի, որ Tusaş-ն աշխարհի 100 լաւագոյն օդանաւ արտադրող ընկերութիւններէն մէկն է, որ կը զբաղի անօդաչու սարքերու, օդանաւերու, ուղղաթիռներու եւ տիեզերական արդիւնաբերութեան կառոյցներու մշակմամբ։