ԱՄՆ զինուած ուժերու շտաբներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ Չարլզ Պրաուն նախազգուշացուցած է, որ Իսրայէլի ներխուժումը Լիբանան՝ կապուած «Հըպալլա» շարժման գործողութիւններու հետ, կրնայ առաջացնել Իրանի ընդդիմութիւնը եւ վերածուիլ աւելի լայն տարածաշրջանային հակամարտութեան, գրած է The Hill թերթը։
«Հըզպալլա»ն աւելի ունակ է, քան «Համաս»-ը՝ հրթիռներու քանակով, ընդհանուր հնարաւորութիւններով։ Կը կարծեմ, որ Իրանը հակուած կ՚ըլլայ աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու «Հըզպալլա»ին,-ըսած է Պրաուն՝ լրագրողներուն Պոթսուանա կատարած այցի ժամանակ:
Վերջերս իսրայէլացի պաշտօնեաները յաճախ կը զգուշացնեն, որ աւելի լայն հակամարտութիւն կը սպասուի «Հըզպալլա»ի հետ, որ զօրացուցած է իսրայէլեան տարածքի հրթիռակոծումը Լիբանանէմ՝ յաջակցութիւն «Համաս»-ի:
Իսրայէլ յայտարարած է, որ շուտով որոշումներ պիտի ընդունուին Իսրայէլի տարածքի վրայ «Հըզպալլա»ի յարձակումները դադրեցնելու վերաբերեալ: