ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Լինտա Սանչեզ յայտարարութիւն տարածած է՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները Արցախի ժողովուրդի դէմ:
«Մտահոգուած եմ այն հաղորդագրութիւններով, որ Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը եւ ձեռնարկած է չհրահրուած յարձակում Արցախի ժողովուրդի դէմ։
Ես վճռականօրէն կը դատապարտեմ Ատրպէյճանի յարձակումը եւ կը միանամ միջազգային հանրութեան՝ կոչ ընելով անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները տարածաշրջանին մէջ»,- «Թուիթըր»-ի իր էջին գրած է Լինտա Սանչեզ:
Աւելի վաղ նմանատիպ յայտարարութիւններ ըրած էին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ատամ Շիֆը ու ԱՄՆ-ի Սենատի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Ռոպըրթ Մենենտեսը։