Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը շատ մօտ են Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելուն ուղղուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկին շուրջ համաձայնութեան գալուն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին X-ի իր էջին գրած է Axios լրատուամիջոցի լրագրող Պարաք Ռէյվիտ։
Վերջինս յայտնած է, որ դրական առաջընթաց արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի, Թրամփի նախկին խորհրդական, Իւանքա Թրամփի ամուսնոյն՝ Ճարետ Քուշների եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի միջեւ ընթացած բանակցութիւններէն ետք։
Պարաք Ռէյվիտին անանուն պաշտօնեան մը ըսած է, որ մնացած է ստանալ «Համաս»-ի համաձայնութիւնը։