image

ԱՄՆ կանգնած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դէմ պատերազմի եզրին. Հէնրի Քիսինճըր

ԱՄՆ կանգնած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դէմ պատերազմի եզրին. Հէնրի Քիսինճըր

ԱՄՆ նախկին Արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր նախազգուշացուցած է, որ Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ «պատերազմի եզրին» կրնայ ըլլալ:

Առանց անուններ տալու՝ 99-ամեայ պետական գործիչը ենթադրած է, որ ամերիկեան առաջնորդները այսօրուայ քաղաքական մթնոլորտին մէջ «ուղղութիւն սահմանելու դժուարութիւններ ունին», որ, անոր կարծիքով, նպաստած է համաշխարհային լարուածութեան աճին:

«Մենք պատերազմի եզրին ենք Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ այն հարցերու շուրջ, որոնք մասամբ մենք ստեղծած ենք՝ առանց որեւէ գաղափարի, թէ ինչպիսի աւարտ կրնայ ունենալ այն կամ ինչի կրնայ յանգեցնել», -ըսած է Քիսինճըր Wall Street Journal-ին:

Քիսինճըր նկարագրած է համաշխարհային կարգը, որու վրայ հիմնուած է բարոյեական եւ աշխարհաքաղաքական կայունութեան հաւասարակշռութիւնը, ուր երկիրները կը ճանչնան իրար երբեմն հակադիր արժէքները, բայց ատոնք դուրս կը պահեն բանակցութիւններու սեղանէն:Սակայն Քիսինճըր Wall Street Journal-ին ըսած է, որ ԱՄՆ առաջնորդներն ու ընտրողները այսօր կը դժուարանան առանձնացնել «անձնական յարաբերութիւնները հակառակորդի հետ» կայուն դիւանագիտական բանակցութիւններ վարելու ժամանակ:

«Կը կարծեմ, որ ընթացիկ ժամանակաշրջանը մեծ դժուարութիւն ունի ուղղութիւն սահմանելու հարցով»,-ըսած է Քիսինճըր։

Անոր նախազգուշացումը հնչած է Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի Թայուան վիճայարոյց այցէն քանի օր մը անց. յայտնի է, որ Չինաստանի կառավարութիւնը կտրուկ դէմ արտայայտուած է Փելոսիի այցին՝ որպէս ԱՄՆ-ի «մէկ Չինաստանի» սկզբունքի երկարամեայ քաղաքականութեան խախտում:

Քիսինճըր յորդորած է Պայտընի վարչակազմը հաւատարիմ մնալու Թայուանի շուրջ դիւանագիտական «սթաթուս քօ»ին: