ԱՄՆ փոխնախագահ Քամալա Հարրիսը կանանց յղիութիւնն անուանած է «լուրջ խնդիր». Անոր ելոյթի հատուածը տեղադրուաղ է YouTube-ի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Lenta.ru-ն:
«Կանայք Ամերիկայի մէջ կը յղիանան ամէն օր, եւ այս մէկը լուրջ խնդիր է», -ըսած է Հարրիս՝ մեկնաբանելով յղիութեան արհեստական ընդհատումները արգիլող օրէնսդրական որոշումը:
24 Յունիսին ԱՄՆ Բարձրագոյն դատարանը չեղեալ համարած է 1973-ին կայացուած որոշումը, որով յղութիւնն արհեստականօրէն ընդհատելու որոշումն ամրագրուած էր սահմանադրական իրաւունքով ու օրինականացուած։ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը դէմ արտայայտուած էր այս օրինագիծին՝ կոչ ընելով ամերիկացիներուն մասնակցելու Գերագոյն դատարանի կայացուցած որոշման դէմ իրականացուող բողոքի ցոյցերուն։