ԱՄՆ-ի մէջ ինքնաշարժի ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է Նիւ Եորքի հայկական համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Պետրոս Յովսէփի Սարգիսեան:
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Պայքար»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Նիւ Եորքի հայութիւնը 27 Նոյեմբերին ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով, Թեքսասի մէջ, կորսնցուց իր եկեղեցիներուն հաւատաւոր ծառան Պետրոս Յովսէփի Սարգիսեանը 70 տարեկանին: Ան ծնած էր 26 Նոյեմբեր, 1952-ին, Պէյրութ: Փոքր տարիքէն ծառայած էր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, սկսլով Խալիլ Պատեւիի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն եւ 12 տարեկանին ղրկուած էր Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հոգեւոր ճեմարանը՝ դառնալու կուսակրօն քահանայ: 1974-ին Ամերիկայի Առաջնորդ Թորգոմ Արք. Մանուկեանի հրաւէրով կու գայ Նիւ Եորք որպէս սարկաւագ ծառայելու թեմէն ներս: Կը յաճախէ Ս. Ներսէս ճեմարանը եւ ապա Ս. Վլատիմիր աստուածաբանական ճեմարանը, ուրկէ կը ստանայ մագիստրոսի տիտղոս:
Կը բանայ իր անձնական առեւտրական հաստատութիւնը, նոյնհետայն դառնալով այցելու սարկաւագ շրջանի հինգ եկեղեցիներուն: Ան կը քաջալերէ ԹՄՄի գործունէութիւնը հաւատալով անոր ազգապահպանման դերին:
«Պայքար» իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զաւկին՝ Պտրոս Կրտսերին եւ հարազատներուն՝ Սարգիսեան, Մկրտիչեան, Շալեան, Կիւրիւնեան, Պապիկեան ու Զոպոյեան ընտանիքներուն: