image

ԱՄՆ-էն պատիժ Ատրպէյճանցի գործիչի դէմ

ԱՄՆ-էն պատիժ Ատրպէյճանցի գործիչի դէմ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պատժամիջոց սահմանած է Ատրպէյճանի ոստիկանութեան գնդապետ Քերիմ Ալիմարտանովի նկատմամբ՝ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման համար։

Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Ալիմարտանովը Ատրպէյճանի ՆԳՆ կազմակերպուած յանցաւորութան դէմ  պայքարի գլխաւոր վարչութեան աշխատակից է, ըստ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան հաղորդագրութեան՝ 2015 եւ 2016 թուականներուն ան մասնակցած է կալանաւորներու նկատմամբ խոշտանգումներուն։ 

Ամերիկեան կողմը չէ յայտնած սահմանափակման բնոյթը։ «Թուրան» գործակալութիւնը հաղորած է, որ սա Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցչի նկատմամբ միջազգային պատժամիջոցներու կիրառման առաջին դէպքն է։