image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալէն խնդրած եմ՝ հայ գերիներու հարցն ուշադրութեան կեդրոն պահել․ Փաշինեան

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալէն խնդրած եմ՝ հայ գերիներու հարցն ուշադրութեան կեդրոն պահել․ Փաշինեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի Ալիսըն Հուքըրի հետ հանդիպման անդրադարձած է Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցին եւ խնդրած՝ ուշադրութեան կեդրոն պահել այն։ Այս մասին վարչապետը յայտնած է կառավարութեան նիստէն ետք ճեպազրոյցի ժամանակ։

«Արձանագրել եմ, որ նախագահ Թրամփը հրապարակային խօսել է այդ հարցով զբաղուելու իր յանձնառութեան մասին։ Ես ներկայացրել եմ, թէ մենք երկկողմ ինչ ենք անում այդ հարցի վերաբերեալ, եւ ԱՄՆ պետքարտուղարի տեղակալին խնդրել եմ տեղեկութիւն տալ, թէ ԱՄՆ-ի կողմից ինչ ջանքեր են գործադրւում այդ ուղղութեամբ, եւ խնդրել եմ այդ հարցը պահել ուշադրութեան կեդրոնում»,-ըսած է վարչապետը։