image

Ամերիկեան հարուածներուն հետեւանքով Սուրիոյ մէջ զոհեր

Ամերիկեան հարուածներուն հետեւանքով Սուրիոյ մէջ զոհեր

Սուրիան յայտարարած է,  որ ամերկիկեան  հարուածներուն հետեւեանքով  տասնեակ   զինուորներ եւ քաղաքացիներ  զոհուած են։

    Տարածածուած  յայտարարութեան մէջ  կը նշուի, որ «Արեւելեան Սուրիոյ մէջ ամերիկեան յարձակումներու թիրախ դարձած է նոյն այն շրջանը, ուր  Սուրիոյ   բանակը կը պայքարի «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութեան մնացորդներուն  դէմ, եւ սա կը հաստատէ, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոր ռազմական ուժերը ներգրաւուած են եւ կը  դաշնակցին այս կազմակերպութեան հետ եւ կը ջանան բոլոր միջոցներով վերակենդանացնել այն, որպէս իրենց դաշտային թեւ՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ»։

  Կը նշուի նաեւ, «Այսօր լուսադէմին եղած ամերիկեան ուժերու յարձակումը որեւէ արդարացում չունի, բացի սուրիական բանակի եւ անոր դաշնակիցներու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարողութիւնը տկարացնելու փորձէն. սակայն սուրիական բանակը, որ նախորդ տարիներուն կրցաւ յաղթել ահաբեկչական այլազան խմբաւորումներու, պիտի շարունակէ իր կայունութեամբ եւ սկզբունքային գործելաոճով պաշտպանել  երկիրը  եւ Սուրիոյ ժողովուրդը, եւ լուրջ հարուած հասցնել բոլոր այդ կազմակերպութիւններուն, որքան ալ որ անոնց հովանաւորներն ու աջակիցները փորձեն խոչընդոտել»:

Եւ ապա եզրափակած է. «Ամերիկեան ուժերու կողմէ սուրիական տարածքի մէկ մասի բռնագրաւումը  չի կրնար շարունակուիլ։ Սուրիական բանակի եւ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը կը շեշտէ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ անոր վերացումը եւ սուրիական հողերուն ամբողջական ազատագրումը»։

 

 Լուրը  համադրաբար՝ «Արեւելք»ի