image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մտահոգ է արցախցիներու ապահովութեամբ եւ իրաւունքներով

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ  մտահոգ է արցախցիներու  ապահովութեամբ եւ իրաւունքներով

20 հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու մէջ աւարտած գագաթնաժողովէն յետոյ Սպիտակ տունը եւ Եւրոպական Միութիւնը համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, ուր յայտարարած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման իրենց յանձնառութիւնը։

«Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման` հիմնուած ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ: Մենք կոչ կ'ընենք Ատրպէյճանին ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղ մնացողները, ինչպէս նաեւ իրենց տուները վերադառնալ ցանկացողներու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Մենք նաեւ կոչ կ'ընենք բոլոր կողմերուն հաւատարիմ մնալու ուժի չկիրառման եւ անոր կիրառման սպառնալիքի սկզբունքին»,- ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։