Միացեալ Նահանգները եւ Հարաւային Քորէան այս պահուն չեն քննարկեր համատեղ զօրավարժութիւններուն ամերիկեան միջուկային ուժերու ներգրաւման հարցը։ Այս մասին հաղորդած Է «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով Reuters գործակալութիւնը:
Այսպիսով, Ճօ Պայտընի խօսքերը հակասած են Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սոք Եոլի խօսքերուն, որ յայտնած էր, թէ Ուաշինկթըն բանակցութիւններ կը վարէ ամերիկեան միջուկային ուժերու մասնակցութեամբ համատեղ զօրավարժութիւններ կայացնելու շուրջ: Պայտընին հարցուցած են՝ արդեօք Միացեալ Նահանգները այժմ Հարաւային Քորէայի հետ կը քննարկԷ համատեղ միջուկային զօրավարժութիւններու կայացման հնարաւորութիւնը:
«Ո՛չ», - պատասխանած է Պայտըն լրագրողներուն, Սպիտակ տան մօտ, երբ անոր դիմաւորած են Վըրճինեան կղզիներու մէջ արձակուրդէն վերադառնալու ժամանակ։
Աւելի վաղ Եուն Սոք Եոլը Chosun Ilbo թերթին հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած էր, որ Կորէայի Ժողովրդա-Դեմոկրատական Հանրապետութեան «արդիւնաւէտ ընդլայնուած զսպումը ապահովելու» համար Ուաշինկթընը եւ Սեուլը բանակցութիւններ կը վարեն «միջուկային միջոցներու բնագաւառին մէջ համատեղ ծրագրման եւ համատեղ զօրավարժութիւններու հայեցակարգի շուրջ, եւ ԱՄՆ բաւականին դրականօրէն տրամադրուած է ատոր»:
«Միջուկային զէնքերը կը պատկանին Միացեալ Նահանգներուն, սակայն ծրագրումը, տեղեկատւութեան փոխանակումը, զօրավարժութիւնները եւ վարժանքները պէտք է համատեղ իրականացուին Հարաւային Քորէայի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ», - նշած է Հարաւային Քորէայի նախագահը:
Միեւնոյն ժամանակ Եուն Սոք Եոլը յայտնած է, որ նման համագործակցութիւնը չի յանգեցներ միջուկային զէնքի համատեղ կիրառման համաձայնագրի։ Աւելի վաղ երկու կողմերն ալ նշած էին, որ հակամարտութեան պարագային Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ժամանակին «ռազմավարական միջոցներ» տեղակայել Քորէական թերակղզիին մէջ, որ կ'ենթադրէ ժամանակակից օդուժ, սուզանաւեր եւ օդանաւակիր խումբեր։
Եուն Սոք Եոլի այս յայտարարութեան նախորդած էր Հիւսիսային Քորէայի պետական գործակալութեան յայտարարութիւնը, որ Քիմ Եոնկ Ըն կոչ ըրած է մշակելու նոր միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռ եւ էապէս աւելցնելու երկրի միջուկային զինանոցը:
Բացի այդ, անցեալ շաբաթ Քիմ Եոնկ Ըն յայտարարած էր, որ Հարաւային Քորէան, անկասկածելիօրէն, դարձած է Հիւսիսային Քորէայի թշնամին, եւ յայտնած էր ռազմական նոր նպատակներու մասին: