image

Ամերիկահայերը կը դատապարտեն… (Տեսանիւթ)

Ամերիկահայերը կը դատապարտեն… (Տեսանիւթ)

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին օրը, ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի շարժում կազմակերպած են Ուշանիկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դեսպանատուներուն առջեւ։

Բողոքին մասնակիցները, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով ու պաստառներով, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դեսպանատուներուն առջեւ հնչեցուցած են կոչեր՝ «Արցախը Հայաստան է», «Ատրպէյճանը սանձազերծած է պատերազմը», «Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», «Վերադարձուցէք գերիները», «Ատրպէյճանը խաղաղութեան հարցին մէջ գործընկեր չէ», «Պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ», «Հայաստանը պիտի հասնի արդարութեան», ինչպէս նաեւ պարսաւանքի խօսքեր ուղղած են այդ պետութիւններու ղեկավարներուն՝ «Ամօթ Էրտողանին, ամօթ Ալիեւին»։