image

Ամերիկացի քոնկրեսականներ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններ կ՚այցելեն

Ամերիկացի քոնկրեսականներ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններ կ՚այցելեն

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երեք անդամներ կիրակի կարճատեւ այց կատարած են, այսպէս կոչուած, ընդդիմութեան կողմէ վերահսկուող Սուրիոյ հիւսիարեւմուտեան շրջաններ, որ վեց տարուան ընթացքին առաջին յայտնի այցն էր Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրներու կողմէ պատերազմէն տուժած երկիր, կը տեղեկացնէ The Associated Press-ը:

Հանրապետական ​​քոնկրեսականներ Պեն Քլայնը, Ֆրենչ Հիլը եւ Սքոթ Ֆիցճերալտը Սուրիա մտած են Թուրքիայէն Հալէպի նահանգի հիւսիսային Պապ ալ-Սալամա անցակէտով:

Քոնկրեսականները հանդիպած են ընդդիմութեան եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու առաջնորդներու, այդ շարքին՝ սուրիական ընդդիմութեան «Սպիտակ սաղաւարտներ» փրկարարական խումբի ղեկավար Ռայէտ Սալեհի հետ։

Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող, այսպէս կոչուած, ընդդիմադիր խմբաւորումները պարբերաբար կը բախին Սուրիոյ հիւսիսարեւելքը տեղակայուած քրտական ուժերու հետ, որոնք Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներն են «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ: