image

Ամերիկացի պաշտօնեան Փաշինեանին այցելեց

Ամերիկացի պաշտօնեան Փաշինեանին այցելեց

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի բաժնի համաշխարհային շուկաներու հարցերով փոխքարտուղար Արուն Վենքաթարամանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ ընդգծած հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան օրակարգի շուրջ աշխոյժ երկխօսութեան ու համատեղ ծրագրերու իրականացման ընդլայնման կարեւորութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ երկկողմ յարաբերութիւնները կը կրեն արագ զարգացման բնոյթ եւ անհրաժեշտ համարած տնտեսական փոխգործակցութեան հետեւողական խորացմանն ուղղուած քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Արուն Վենքաթարամանն արդիւնաւէտ գնահատած է Երեւանի մէջ կայացած Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան նիստը եւ շեշտած Միացեալ Նահանգներու շահագրգռուածութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրային կապերու խորացման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ փոխգործակցութեան խթանման հարցով:

Անդրադարձ կատարուած է առեւտուրի, ներդրումներու, ուժանիւթի, բարձր արհեստագիտութիւններու, առեւտրաշրջանառութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւններուն, գործարար միջավայրի բարելաւման, համատեղ ծրագրերու իրականացման: