image

Ամերիկա պէտք է դադրեցնէ նեցուկը՝ Ատրպէյճանին. Ամերիկացի գործիչ

Ամերիկա  պէտք է դադրեցնէ նեցուկը՝ Ատրպէյճանին. Ամերիկացի գործիչ

ԱՄՆ վարչակազմը կրկին վերահաստատած է Ատրպէյճանին ուղիղ ռազմական օգնութիւնը արգելափակող ազատութեան աջակցման 907 բանաձեւի շրջանցումը: Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ, հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամ Պրետ Շերման իր անհամաձայնութիւնը յայտնած է որոշման հետ:

«Մենք պէտք չէ հրաժարինք 907 բանաձեւէն եւ որեւէ օգնութիւն ցուցաբերենք նաւթով հարուստ Ատրպէյճանին, որ սանձազերծած է պատերազմը: Օգնութիւնը, որ մենք կը տրամադրենք մեծ չէ, բայց կը կարծեմ, որ այն կարեւոր է դիւանագիտական առումով, ուստի անոր տրամադրումը պէտք է դադրեցուի», ըսած է գոնկրէսականը:

Անոր կարծիքով Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագրերու համար ամերիկեան օգնութիւնը պէտք է մեծցուի, իսկ Հայաստանին հնարաւորութիւն ընձեռուի կրկին ընդգրկուելու «հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագրին մէջ:

«Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանը դասած է միջինէն բարձր եկամուտ ունեցողներու շարքին: Ես կը փափաքէի, որ այդ այդպէս ըլլար, բայց պէտք է հաշուի առնենք սարսափելի պատերազմի, «Քովիտ»ի համաճարակի տնտեսական հետեւանքները», ըսած է ան: