image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկա անկում կ'ապրի. Թրամփ

Ամերիկա անկում կ'ապրի. Թրամփ

Մենք անկում ապրող ժողովուրդ ենք, դեռ երբեք նման բան չէ եղած: Մեր երկիրը ծունկի բերած են, նուաստացուցած են ամբողջ աշխարհին առջեւ ու թուլցուցած: Կը յանդգնին «դասախօսութիւններ» կարդալ այլ մարդոց ու պետութիւններուն ժողովրդամարութեան մասին:

 

Ամերիկան անկում կ'ապրի, փողոցներուն մէջ անմեղ մարդիկ կը սպաննուին, մինչդեռ ներկայիս իշխանութիւնները անհիմն բարքեր կը քարոզեն այլ մարդոց եւ պետութիւններուն: Այս մասին ըսած է ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփը:

«Մենք անկում ապրող ժողովուրդ ենք, դեռ երբեք նման բան չէ եղած: Մեր երկիրը ծունկի բերած են, նուաստացուցած են ամբողջ աշխարհին առջեւ ու թուլցուցած: Կը յանդգնին «դասախօսութիւններ» կարդալ այլ մարդոց ու պետութիւններուն ժողովրդամարութեան մասին: Մինչ փողոցները հեղեղուած են յանցագործութիւններու անմեղ զոհերու արիւնով, մենք ուրիշներուն «դասախօսութիւններ» կը կարդանք: Այս մոլեգնող բարբարոսութիւնը արագ չդադրեցնելու պարագային մենք այլեւս երկիր չենք ունենար», ընդգծած է Թրամփ:

ԱՄՆ նախկին նախագահը կարծիք յայտնած է, որ առաջին հերթին երկիրը պէտք է աւելի անվտանգ դարձնել, քանի որ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի օրօք յանցագործութիւններու կանխարգիլման ոլորտին մէջ երկրի վարած քաղաքականութիւնը թուլցած է:

Բացի այդ, ան նաեւ շեշտած է, որ ներկայիս երկրի սահմանները աւելի վատ պաշտպանուած են քան երբեւէ, որու հետեւանքով ալ թմրանիւթերը «հեղեղած են» Միացեալ Նահանգները: