image

«Ամէնէն սուղ բառը մամա բառն է, անուշիկ մամա». Գէորգ Տաղլեան (Լուսանկար)

«Ամէնէն սուղ բառը մամա բառն է, անուշիկ մամա». Գէորգ Տաղլեան (Լուսանկար)

 

Մեր ողջ կեանքը, ապրած եւ ապրելիք օրերը պատրաստակամութեան, սիրոյ եւ նուիրումը դարձեալ իր իրական տէրերէուն վերադարձնելու ճամբորդութիւն մըն է։ 

Ինչքան ալ բարդ ըլլան օրերը, նուիրումը դժուարանայ ու սեփական եսէն դիմացինին յոյս մը, շունչ մը տալու  հնրաւարութիւնները նօսրանան, մէկ է ճշմարտութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը արեւու նման կը փայլին թէժ անձրեւներէն ու դաժան ու սաստիկ ցուրտերէն յետոյ։ 

 Այդպիսին է պարագան մեր հայրենակից Գէորգ Տաղլեանին, որ ամէն դժուարութիւն աչքի առնելով կարողացած է հասնիլ իր մայրիկի ծով կարիքներուն։

 Գէորգը անոնցմէ է ի վերջոյ, որ «Մեր մայրերը սուրբ են» խօսքը դարձուցած է իրական գործի։

 Այդ ոգիով ապրելով եւ այդ նուիրումով շարունակել կեանքի իր մեծ ճամբորդութիւնը։

 Այս նախաբանը պատեհ համարեցինք գրել, պարզապէս յոյսի շող մը տալու մեր վաղեմի բարեկամին, որուն մայրիկը վերջին օրերուն հիւանդանոցային բարդ խնամքի արժանի դառնալէ ետք օրերս վերադարձած է բնակարան, ուրախութեան ալիք մը բերելով բոլոր զինք սիրողներուն ու յատկապէս երկու որդիներուն՝ Գէորգին եւ Միսակին։

 

  «Արեւելք» 

Ստորեւ այդ մասին Գէորգի կարճ գրառումը։

 

Նոր Տարին դիմաւորեցինք ուրախ մթնոլորտի մէջ , իսկ շարունակութիւնը հիւանդանոց... 

Փառք Աստուծոյ, 2 շաբաթ վտանգաւոր ICU սենեակը մնալէ ետք անցանք պարզ սենեակ, ուր բոլորէլէ ետք ապաքինման շրջանը, Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2023-ին, վերադարձանք տուն:

Փառք կու տանք Աստուծոյ դժուար շրջանէ մը եւս փրկուեցանք եւ շնորհակալ ենք բժիշկներէն սկսեալ եւ բոլոր հիւանդապահներուն, որոնք ամէն ձեւով իրենց մասնագիտական կարելիութիւնը կատարեցին ։

Իսկ այսօր, 25 Յունուար 2023-նէ: 

25 Յունուարը յիշողութեանս մէջ կը մնայ դրոշմուած: 

Մօրս ուղեղի կաթուածի եւ անկողին ծառայելուն արդէն անցած են 4 տարիներ եւ մեզի համար օրէ օր աւելի կապուածութիւն մը կը հաստատէ: 

Մամա, այնքան ալ դիւրին չէ մեզի համար, բայց քու կատարած զոհողութիւններուդ փոխարէն նուազագոյնն է մեր ցուցաբերածը: 

Աստուած պահէ քեզի եւ բոլոր հիւանդները աշխարհի վրայ:

Ամէնէն սուղ բառը մամա բառն է, անուշիկ մամա։