image
Հրատապ լուրեր:

«Ամենավտանգաւոր մարդը» ըստ Պայտընի

«Ամենավտանգաւոր մարդը»  ըստ Պայտընի

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն մետիամակնաթ եւ Fox Corp-ի հիմնադիր Ռուպերթ Մերտոքը անուանած է «աշխարհի ամենավտանգաւոր մարդէ: Այս մասին կ'ըսուի New York Times-ի լրագրողներ Ճոնաթան Մարթինի եւ Ալեքսանտր Պեռնսի «Սա պիտի չանցնի. Թրամփը, Պայտընը եւ յանուն Ամերիկայի ապագայի պայքարը» գիրքին մէջ, որ լոյս պիտի տեսնէ Մայիսին:

Ինչպէս կը գրեն հեղինակները, Պայտընը Fox News-ը անուանած է ԱՄՆ-ի «ամենակործանարար ուժերէն մէկը», իսկ Մերտոքը` «աշխարհի ամենավտանգաւոր մարդ»:

Գիրքին մէջ Fox News-ը կը նկարագրուի որպէս «Պայտընի դէմ ծրագրերու հեղեղ, որ կը հրահրէ պատուաստանիւթերու հանդէպ թերահաւատութիւնը եւ կը տարածէ դաւադրութեան վայրի տեսութիւններ Յունուար 6-ի յարձակման վերաբերեալ»:

CNN-ի հաղորդմամբ` Պայտընը երբեք հրապարակաւ չէ խօսած Մերտոքի մասին: Այսպիսով, նշուած դրուագը կրնայ մեծ աղմուկ բարձրացնել: