Երեքշաբթի 7 Յունիսի առաւօտեան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը այցելեց Քալիֆորնիայի Մոնտրոզ քաղաքի Հայ Քոյրերու Ակադեմիան, ընկերակցութեամբ տեղւոյն առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանին եւ Հայր Անտոն Նորատունկեանին։
Հայ քոյրերու ակադեմիան, հիմնադրուած է 1985 թուականին քոյր Հռիփսիմէ Չիֆթելեանի և քոյր Այտա Ալաջեանի ջանքերով և ան կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան երկու դպրոցներէն մին: Միւս դպրոցը կը գտնուի Փենսիլվանիայի Ռատնոր քաղաքին մէջ եւ հիմնադրուած է 1967 թուականին։
Հայ Քոյրերու ամուր հաւատքի և կորովի շնորհիւ Ամերիկայի մէջ հայ երեխան կարելիութիւնն ունի սորվելու իր նախնիներուն կրօնը, լեզուն, պատմութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները և ձևաւորուելու նաեւ իր նախնիներին հաւատքով։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ սոյն այցելութեան առիթով Վարժարանիս թատերասրահէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ սկիզբ առաւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգերով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց Վարժարանին տնօրէնը Տիար Խուլիօ Թէյեզը անգլերէն լեզուով եւ Վարժարանիս Փոխ տնօրէնուհին` Տիկ Ռիթա Պոյաճեանը, հայերէն լեզուով։
Յայտագիրը ճոխացուցին վարժարանիս սաներն ու պատանիները իրենց երգերով, ասմունքներով ու պարերով։
Յայտագիրի աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով ներկաներուն քաջալերեց Վարժարանիս տնօրէնութիւնը շարունակելու իր այս ազգանուէր առաքելութիւնը ի սպաս հայ ազգի վերելքին, հայ երիտասարդին դաստիարակով քրիստոնէական հաւատքը ու սէրը հայրենի ինքնութեան նկատմամբ։
Հանդիպումի աւարտին Սրտի Խօսք ուղղեց նաեւ Հայ Քոյրերու Վարժարանի ընդհանուր պատասխանատու` Քոյր Լուիզա Գասարճեանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում մինչ հաւաքը աւարտեցաւ «Հայեր Միացէք» հայրենասիրական խմբային երգեցողութեամբ։
Լուրը «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն։