image
Հրատապ լուրեր:

Ամենակարեւորը մատղաշ սերունդն է. Պատրիարք Հայրը հանդիպեցաւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորներուն հետ (Լուսանկար)

Ամենակարեւորը   մատղաշ սերունդն է. Պատրիարք  Հայրը  հանդիպեցաւ Երուսաղէմի  Ժառանգաւորներուն հետ (Լուսանկար)

Բծախնդրութիւնը ունենալով հանդիպիլ  եւ զրուցել Երուսաղէմի Սուրբ  Աթոռի ժառանգաւորաց  վարժարանի  սաներուն  հետ, Պոլսոյ  Հայոց  Պատրիարք՝ Ամեն. Տ. Սահակ  Պատրիարքը  հանդիպում ունեցած է    վարժարանի  սաներուն հետ  ու  նաեւ     առիթ ստեղծած,   խօսք մը հնչեցնելէ  բացի   սրտբաց  զրոյց մը ծաւալել  ապագայ  կրօնաւորներուն հետ։

 

 Ստորեւ  այդ մասին հրապարակուած թղթակցութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Կ. Պոլսոյ Հայ Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան, որ այս օրերուն ուխտաւորաբար Երուսաղէմ կը գտնուի, Ժառանգաւորաց Վարժարանէն ներս մտերմիկ հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ ժառանգաւոր սաներու հետ զանազան նիւթերու շուրջ։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը իր սրտի խօսքը, հայրական օրհնութիւնն ու թելադրանքները փոխանցեց ուսանողութեան, իր լայն փորձառութենէն խօսելով եւ անձնական պատմութիւններ մէջբերելով ներկայացուց ներկայ աշխարհին դժուար պայմաններուն մասին: Քննարկուեցան նաեւ միջ-եկեղեցական եւ ներ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուող հիմնական հարցեր, համաքրիստոնէական մտահոգութիւններ: Ժառանգաւոր սաներ մեծ խանդավառութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ լսեցին Պատրիարք Սրբազան Հօրը եւ անորմէ ստացան իրենց բոլոր հարցումներուն պատասխանները։ 

Վերջաւորութեան, Վարժարանի Փոխ-տեսուչ՝ Բարշ․ Աշոտ Սրկ․ Ղազարեան Ժառանգաւորաց Վարժարանի ընտանիքին անունով Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որմէ ետք յիշատակի խմբանկար առին սաներուն հետ եւ աղօթքով աւարտին հասցուցին այս հաճելի երեկոն: