image

ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Առաջնորդը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն (Լուսանկար)

 ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի  Առաջնորդը  այցելեց  Հայաստանի դեսպանատուն (Լուսանկար)

  Օրերս   Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց եւ Քաթարի  Առաջնորդ  ՝ Տ. Մեսրոպ եպս.  Սարգիսեան   պաշտօնական  պատուիրակութեան մը գլխուն այցելած է   ԱՄԷ-ի  մէջ Հայաստանի դեսպանատուն։

 

 Այս մասին իմացանք  ԱՄԷ-ի  եւ Քաթարի առաջնորդութեան  պաշտօնական էջէն,  ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Երեքշաբթի 22 Սեպտեմբեր 2021-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ապու Տապիի Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ․ Տ․ Վաչէ Վրդ․Պալըքճեանին, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Պրն․ Ատիս Մուրատեանին եւ Վարչութեան անդամներուն, այցելեց Հայաստանի  Դեսպանատուն, Հայաստանի անկախութեան 30 ամեակի առիթով, որտեղ հանդիպ ունեցաւ Հ․Հ․ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Տիար Մհեր Մկրտումեանին եւ դեսպանատան դիւանագիտական աշխատակազմին հետ։ 

Մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին անոնք քննարկեցին Հայաստանի հանրապետութեան ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւնները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։

Սրբազանը իր խօսքին մէջ լայն ձեւով անդրադարձաւ 44 օրուան Արցախեան Պատերազմին ստեղծած քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքներուն։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ․ թէ 30 տարուան հայ ժողովուրդի անկախութեան ընթացքին, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միասնաբար պայքարած են արտաքին եւ ներքին թշնամիներուն հետ։ Այսօր սակայն պատերազմէն դուրս եկած հայութիւնը ամբողջովին ջլատուած իր ոյժերէն կը փորձէ ինքզինք վերագտնել, հարկ է անմիջապէս կազմակերպուիլ, սփիւռքի վստահութիւնը վերաշահիլ եւ դուրս գալ անորոշութենէ։ 

Ապա Սրբազանը շնորհաւորեց Հայաստանի  Անկախութիւնը։ 

Դեսպանը իր կարգին նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, ապա Դեսպանատուն-Առաջնորդարան յարաբերութեան եւ գործակցութեան կարեւորութեան մասին շեշտեց։ Ինք նաեւ իր կարգին շնորհաւորեց ներկաներուն Հայաստանի Հանրապետութեան  Անկախութեան տօնը։ 

Աւարտին Սրբազան Հայրը Դեսպանին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին նոր տպագրուած  Turning To God  գիրքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի օրհնուած դրօշակը։