Ուքրանիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ կիրակի առաւօտեան օդային տագնապ յայտարարուած է։ Այս մասին բնակչութեան իրազեկած են պատկան մարմինները, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ–ը։
Նշենք , որ կիրակի գիշեր Քիեւի եւ երկրի որոշ շրջաններու մէջ եւս տագնապի մասին ահազանգած էին, սակայն յետոյ այն չեղարկուած էր։
Շաբաթ օր տարբեր ժամանակներու մէջ օդային հարուածներու ձայներ հնչած են գրեթէ ամբողջ Ուքրանիոյ մէջ։