image

Ալպանիա-Իրան դիւանագիտական տագնապ

Ալպանիա-Իրան դիւանագիտական տագնապ

Ալպանիան Իրանը մեղադրած է ալպանական հանրային ծառայութեան դէմ սայպըր-յարձակման փորձի մէջ եւ խզած է դիւանագիտական ​​յարաբերութիւնները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ: Այս մասին հաղորդած է Albania Daily News-ը՝ յղում ընելով վարչապետ Էտի Ռամային։ 

Իրանցի բոլոր դիւանագէտներէն պահանջած է 24 ժամուան ընթացքին լքել Ալպանիան։  

Այդ որոշումը պաշտօնական գիրով ծանուցուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան, բոլոր դիւանագիտական, տեխնիկական եւ վարչական անձնակազմերուն, ներառեալ անվտանգութեան աշխատակիցներուն, որոնց հրահանգուած է 24 ժամուան ընթացքին լքել Ալպանիոյ Հանրապետութեան տարածքը։

Թեհրանը Իրանի հետ յարաբերութիւնները խզելու մասին Ալպանիոյ յայտարարութիւնն անհիմն ու ոչ խելամիտ համարած է։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Նասէր Քանաանին հերքած է Ալպանիոյ կառավարութեան անհիմն մեղադրանքները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ եւ ըսած է, որ Իրանի ԱԳՆ-ը Թեհրանի հետ քաղաքական յարաբերութիւնները խզելու Ալպանիոյ որոշումը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ չմտածուած ու անհեռատես գործողութիւն կը համարէ։

«Իրանի ըլլալով սայպըր-յարձակումներու թիրախ դարձած երկիրներէն մէկը, կը մերժէ եւ կը դատապարտէ սայպըր-տարածութեան ցանկացած օգտագործում՝ որպէս այլ երկիրներու ենթակառուցուածքի վրայ յարձակելու միջոց»,-ըսած է Իրանի ներկայացուցիչը։

Անոր խօսքով, ահաբեկչութեանն աջակցող երրորդ երկիրները առանցքային դեր խաղցած են Ալպանիոյ սխալ որոշման մէջ։

Ալպանիոյ յայտարարութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի անյապաղ յայտարարութիւնները ցոյց տուին Իրանի դէմ նոր դաւադրութիւնը։