Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կնոջ` Մեհրիպան Ալիեւայի հետ Մայիս 26-ին այցելած է Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, մասնաւորապէս` Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրականի (Ճապրայիլ) շրջաններ:
Ալիեւը ծանօթացած է Վարանդայի մէջ Հորատիզ-Ջրական-Կովսական (Զանգելան)-Աղպանդ մայրուղիի շինարարութեան, մասնակցած է Ազերէներճի»-ի 330/110 քիլովոլթ ուժանիւթի «Ճապրայիլ» ուժանիւթային հանգոյցի հիմնարկէքի արարողութեան:
Այնուհետեւ Ալիեւները ժամանած են Կովսականի շրջան, ուր ծանօթացած են Կովսականի միջազգային օդակայանի եւ մզկիթի շինարարութեան: