29 Օգոստոսին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւան Շուշի այցելած են: Ինչպէս կը յայտնեն ատրպեճանական ԶԼՄ-ները, անոնք ներկայ գտնուած են ատրպէյճանցի երգիչ Պիւլ-պիւլի տուն-թանգարանի բացման արարողութեան:
Բացի այդ, Շուշիի մէջ բացուած է ատրպէյճանցի բանաստեղծ Մոլլա Փանահ Վագիֆի կիսանդրին:
Կը հաղորդուի, որ Ալիեւները այցելած են նաեւ Ֆիզուլի (Վարանտա), ուր ծանօթացած են օդակայանի կառուցման աշխատանքներու ընթացքին: