image

Ալիեւէն սլաք՝ Հայաստանի բարեկամ ՝ Ֆրանսացի գործիչներուն. «Որոշները կը փորձեն աւելի շատ հայ ըլլալ, քան իրենք՝ հայերը»

Ալիեւէն սլաք՝ Հայաստանի բարեկամ ՝ Ֆրանսացի գործիչներուն. «Որոշները կը փորձեն աւելի շատ հայ ըլլալ, քան իրենք՝ հայերը»

«Հակաահաբեկչական գործողութենէն» (սեպտեմբեր 19-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի զանգուածային ռազմական յարձակումը-Խմբ.) ետք որոշ արեւմտեան երկիրներ «անհիմն» մեղադրանքներ հնչեցուցած են Ատրպէյճանի հասցէին։ Այս մասին յայտարարած է Իլհամ Ալիեւը:

«Մեզի առաջադրուած այս մեղադրանքները ոչ մէկ հիմք ունին, որովհետեւ Ատրպէյճանը, իր ինքնիշխան տարածքին մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւն կատարելով անջատողականներու եւ բռնատէրերու դէմ, ապահովեց միջազգային իրաւունքի գերակայութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ վերականգնեց իր ինքնիշխանութիւնը՝ պահպանելով մարդասիրական բոլոր չափանիշերը», - պնդած է Ալիեւը։

Նշելով, որ որոշ արեւմտեան երկրներ եւ աւանդաբար Ֆրանսան չեն պատրաստուիր համակերպիլ այս փաստի հետ, Ալիեւն ըսած է. «Չնայած միջազգային հանրութիւնն արդէն կը տեսնէ, որ նոյնիսկ Հայաստանը հաշտուած է այս իրավիճակի հետ, եւ COP29 համաժողովի կայացումը եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ այդ, այնուամենայնիւ, Ֆրանսայի որոշ քաղաքական առաջնորդներ կը փորձեն աւելի հայ ըլլալ, քան իրենք՝ հայերը»։ Բայց իրենք ալ ստիպուած պիտի ըլլան հաշտուիլ այս իրավիճակի հետ»։