Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ անարդար համարած է, որ Եւրոպական միութիւնը կը նախատեսէ առաջիկային Հայաստանին 2,6 միլիառ տոլարի չափով օգնութիւն տրամադրել, մինչդեռ Ատրպէյճանին տրամադրուող նմանատիպ օգնութեան ծաւալը կը կազմէ ընդամէնը 140 միլիոն տոլար, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթին»։
Աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող Ալիեւ հարցազրոյց տուած է իտալական Il Sole 24 Ore թերթին։
«Տարբերութիւնը մօտ քսանապատիկն է։ Արդեօ՞ք սա արդար է: Ոչ։ Արդեօ՞ք սա կ'արտացոլէ երկու երկիրներու իրական կարիքները: Ոչ։ Եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ դնենք ազատագրուած տարածքներու մէջ հայկական կողմի իրականացուցած սարսափելի աւերածութիւնները եւ նայինք երկու երկիրներու բնակչութեան, ապա կարելի է աւելի քան հնգապատիկ տարբերութիւն տեսնել՝ Ատրպէյճանի բնակչութիւնը 10 միլիոն է, իսկ Հայաստանինը՝ 2 միլիոն»,- ըսած է Ալիեւ։
Ան յայտարարած է, թէ կը ցանկայ, որ «մօտեցումը հիմնուած ըլլայ ընդհանուր չափանիշներու վրայ»․ «Մենք կ'ուզենք, որ Ատրպէյճանին միջոցներ տրամադրուին նոյն պայմաններով եւ նոյն ծաւալով (ինչ որ Հայաստանին)»։