Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ «մտադիր չէ որեւէ միջազգային կեդրոնի հետ քննարկելու Ղարաբաղի հարցը»։
«Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակիչները մեր քաղաքացիներն են»,-ըսած է ան՝ ելոյթ ունենալով Ատրպէյճանի ազգային քաղաքաշինական համաժողովին, որ տեղի ունեցած է Աղտամի մէջ։
Ան աւելցուցած է, որ «Պաքուն պիտի չքննարկէ որեւէ միջազգային կեդրոնի հետ, թէ ինչպէս դասաւորէ անոնց (Ղարաբաղի հայերու) կեանքը», քանի որ «ամբողջ աշխարհը կը ճանչնայ Ղարաբաղը որպէս ատրպէյճանական տարածք»։