image

Ալիեւ կրկին սպառնացած է Հայաստանին

Ալիեւ կրկին սպառնացած է Հայաստանին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Գանձակ կատարած այցի ժամանակ «Ազերթաջ»-ին տուած հարցազրույցին մէջ կրկին սպառնալիքներ հնչեցուցած է Հայաստանի հասցէին: Ատրպէյճանի նախագահը, խախտելով ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, կրկին հայատեաց քարոզչութեամբ կը զբաղի:

Ան, մասնաւորապէս, հայերը «ֆաշիստ» անուանած է: «Այո՛, պատերազմը աւարտած է: Մենք կը խօսինք, որ պէտք է խաղաղութիւն ըլլայ, բայց երբեք պէտք չէ մոռնանք «հայկական ֆաշիզմը»: Մենք յաղթեցինք «հայկական ֆաշիզմին»: Մենք պէտք է այնպէս ընենք, որ այն երբեք գլուխ չբարձրացնէ», ըսած է Ալիեւ` յաւելելով․ «Այդ պէտք է իմանան ու գիտակցին Հայաստանի հովանաւորները եւ գնահատեն մեր «պատմական առաքելութիւնը»: Մենք ոչ միայն «ազատագրեցինք մեր տարածքները», այլեւ տարածքը մաքրեցինք այդ «բարբարոս ուժերէն»: Մենք որեւէ պարագայի չենք կրնար թոյլ տալ, որ Հայաստանը կրկին Ատրպէյճանի համար հաւանական սպառնալիք դառնայ: Եթէ մենք այդ նկատենք, տեղւոյն վրայ կ'ոչնչացնենք»:

Փաստօրէն, Ատրպէյճանի նախագահը կը շարունակէ չկատարել ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի Դեկտեմբեր 7-ի միջանկեալ որոշումը` զբաղելով հայատեաց քաղաքականութեամբ ու քարոզչութեամբ:

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը պարտաւորեցուցած էր Ատրպէյճանին քայլերու ձեռնարկել` ցեղապաշտական ատելութեան ու խտրականութեան կանխարգիլման համար, այդ շարքին` պետական պաշտօնեաներու եւ հանրային տարբեր կառոյցներու կողմէ, որոնք կը թիրախաւորեն ցեղային հայերը: Դատարանը յստակ կ'արձանագրէ, որ Ատրպէյճանը պետական մակարդակով կը զբաղի հայատեաց ու խտրական քաղաքականութեամբ, ինչ որ կը շարունակէ ընել Ալիեւը: