image

Ալիեւ խօսած է դէպի Եւրոպա ատրպէյճանեան կազի ներկայութեան ամրապնդման մասին

Ալիեւ խօսած է դէպի Եւրոպա  ատրպէյճանեան կազի ներկայութեան  ամրապնդման մասին

Ատրպէյճանը մտադիր է ընդլայնել իր ներկայութիւնը եւրոպական կազի շուկային մէջ: Այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը` Պաքուի ուժանիւթային շաբթուայ եւ Կասպեան նաւթի եւ կազի 27-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման ժամանակ:

«Այսօր օրակարգին մէջ է եւրոպական շուկային մէջ մեր ներկայութեան ընդլայնման հարցը», ըսած է Ալիեւը: Անոր խօսքով, անցեալ տարի ատրպէյճանական կազի արտահանման ծաւալը կազմած է 22 միլիառ խմ, այս տարի կը նախատեսուի արտահանել 24 միլիառ խմ, յաջորդ տարի կը նախատեսի աւելցնել ծաւալները:

«Այդ կախուած պիտի ըլլայ նոր հանքավայրեր շահագործման յանձնելէ, քանի որ մեր կազային ներուժը չի սահմանափակուիր միայն «Ղահ Տենիզ» հանքավայրով», ընդգծած է պետութեան ղեկավարը:

Ալիեւ նշած է, որ Եւրոպան ատրպէյճանական նաւթակազային աղբիւրներու մեծ կարիք ունի, եւ Ատրպէյճանը այդ հաշուի կ'առնէ: Անոր խօսքով, այժմ պէտք է մտածել նոր հանգոյցներու եւ փոխկապակցիչներու կառուցման մասին:

Միաժամանակ, Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ արտահանումը աւելցնելու համար ժամանակ պէտք է:

«Հաւանական սպառողները պէտք է հասկնան, որ տարուայ ընթացքին մենք չենք կրնար աւելցնել արտադրութիւնը: Մեզի պէտք են նոր պայմանագրեր, մեզի նոր ենթակառուցուածքներ անհրաժեշտ են: Հետեւաբար, մենք այժմ կը մտածենք գոյութիւն ունեցող խողովակաշարերու թողունակութեան ընդլայնման մասին, այդ շարքին` Անդրանատոլիական եւ Հարաւային Կովկասի», ըսած է Ալիեւ: