Ատրպէյճան յաջողած է Հայաստանին համոզել ճանապարհ (Հայաստանով դէպի Նախիջեւան) բանալու անխուսափելիութեան հարցին մէջ: Հայաստանը դէմ էր մայրուղիի բացման, բայց մենք կրցանք համոզել, որ այդ անխուսափելի է, եւ անոնք համաձայն են: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը սպանական «El Pais»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:
«Այսպիսով, կայ համաձայնեցուածութիւն: Այժմ մենք կը քննարկենք այդ միջանցքներու իրաւական կարգը, մասնաւորապէս՝ Զանգեզուրի միջանցքի, որ Ատրպէյճանէն կ'անցնի Հայաստան, իսկ յետոյ՝ Ատրպէյճանի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն։ Մենք դեռ որոշ չլուծուած խնդիրներ ունինք», ընդգծած է Ալիեւ։
«Կը կարծեմ, երկու երկիրներն ալ համաձայն են, որ այդ պէտք է տեղի ունենայ, եւ, ի դէպ, նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ անցեալ ամիս Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ժամանակ մենք հռչակագիր ընդունեցինք, ուր բացայայտ կը խօսուէր հաղորդակցութիւններու բացման մասին։ Եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ։ Ի դէպ, օդային տարածքը արդէն աշխուժացած է։ Այժմ «Ատրպէյճանական ավիաուղիներ»ու ինքնաթիռները, որոնք կ'իրականացնեն Պաքու-Նախիջեւան չուերթը, սկսած են անցնիլ Հայաստանի օդային տարածքով», ըսած է Ալիեւ։
Նախագահը ընդգծած է, որ Պաքուն կը փափաքի բանալ սահմանները Երեւանի հետ։
«Այո՛, մենք կը փափաքինք բանալ սահմանները։ Մինչ օրս քանի մը բանակցութիւններ տեղի ունեցած են եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակին մէջ՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու գլխաւորութեամբ։ Այս աշխատանքային խումբին հիմնական նպատակն ու խնդիրը հաղորդակցութիւններու բացումն է։ Բանակցութիւններու քանի մը փուլեր համեմատաբար յաջող անցած են։ Այժմ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան բացման վերաբերեալ լիարժէք պայմանաւորուածութիւն կայ, եւ մենք ազատագրուած շրջաններուն մէջ սկսած ենք քանդուած երկաթգիծի կառուցումը դէպի Հայաստանի հետ սահման», ըսած է ան։